Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումները երէկ գիշեր հասան իրենց աւարտին, երբ կատարուեցան յայտագիրին վրայ եղող վերջին չորս ճակատումները:
Ե. խմբակին մէջ, Սպանիա 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլովաքիան, իսկ Շուէտ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Լեհաստանին:
Յաղթական երկու խումբերն ալ ապահովեցին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Ի վերջոյ կատարուեցան Զ. խմբակի վերջին երկու մրցումները, երբ Գերմանիա մրցեցաւ Հունգարիոյ դէմ, իսկ Ֆրանսա` Փորթուգալի դէմ:
Վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ աւարտեցան 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
Քարիմ Պենզեմա նշանակեց Ֆրանսայի կոլերը (45+2-րդ` փենալթիով եւ 47-րդ), մինչ Փորթուգալի երկու կոլերը նշանակեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (31-րդ` փենալթիով եւ 60-րդ` փենալթիով):
Գերմանիա պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ 84-րդ վայրկեանին Լէոն Կորեթցքա նշանակեց Գերմանիոյ հաւասարութեան կոլը:
Նշենք, որ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն Գերմանիա պիտի մրցի Անգլիոյ դէմ:
Այսօր եւ վաղը հանգիստի օր է եւ որեւէ մրցում պիտի չկատարուի:



