Երէկ` երկուշաբթի, 21 յունիսին, «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, կատարուեցան չորս ճակատումներ:
Բ. խմբակին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պելճիքա արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆինլանտան:
Մրցումին առաջին կոլը սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Ֆինլանտայի բերդապահը` Լուքաս Հրատեքի (74-րդ), իսկ 81-րդ վայրկեանին Ռոմելու Լուքաքու արդիւնքը վերածեց 2-0-ի:
Նոյն խմբակին մէջ, Ռուսիա 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Դանիայէն:
Պելճիքայի նման, իրենց երրորդ յաղթանակը արձանագրեցին եւ փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովեցին Նետերլանտները (Գ. խմբակ), որոնք 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Մակեդոնիան:
Յաջորդ հանգրուանին իր տոմսը ապահովեց նաեւ Աւստրիա, որ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ուքրանիոյ դէմ:
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Դ. ԽՄԲԱԿ | ԺԱՄ |
Խրուաթիա-Սկովտիա | 22:00 |
Չեխիա-Անգլիա | 22:00 |