Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէի համար «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը աւարտեցաւ, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
24 տարեկան ֆութպոլիստը, որ ծունկի վնասուածք ունի, երեք շաբաթ պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
Տեմպելէ, որ մասնակցեցաւ Ֆրանսայի կատարած Ա. հանգրուանի երկու մրցումներուն, հաւաքականին ճամբարը լքելով վերադարձաւ իր տունը, ուրկէ պիտի հետեւի մրցումներուն:
Նշենք, որ վաղը` չորեքշաբթի, 23 յունիսին Ֆրանսայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Փորթուգալ: