Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի խումբին համար արծաթ մետալ մը ապահովեց Մանուէլ Խնձրցեան, որ 57 քկ դասակարգին մէջ աւարտականին պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն:
61 քկ դասակարգին մէջ Լեւիկ Միքայէլեան կիսաւարտականին 10-0 արդիւնքով յաղթեց մոլտովացի իր մրցակիցին:
Հայրենի ըմբիշը աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ ազրպէյճանցի Հէյպաթովը:
Բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ 125 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Լեովա Սարգսեան:
Ան 10-2 արդիւնքով յաղթելով իր ռուս մրցակիցին` ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի ազրպէյճանցի Ահմատովի դէմ:



