Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւան ֆութպոլի ակումբը, դիլիջանեան ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին պիտի կատարէ բարեկամական երեք մրցում, նշուեցաւ ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Առաջին բարեկամական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան դէմ:
Իսկ մնացեալ երկու մրցումները պիտի կատարուին Երեւանի բանակայիններուն եւ Սեւանի դէմ, յաջորդաբար` 14 եւ 17 յուլիսին:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին Փիւնիկ գրաւեց դասաւորման 7-րդ դիրքը: