Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Գոռ Մալաքեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ակումբին հետ:
27 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբը եղաւ Փիւնիկ-Երեւան, որուն հետ նախորդ տարեշրջանին ան կատարեց 10 մրցում:
Ան մաս կազմած է նաեւ Արարատ-Արմենիայի, ուքրանական Սթալի, Շիրակի եւ Ալաշկերտի:
Նշենք, որ հայրենի ֆութպոլիստը ցարդ 18 մրցում կատարած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ:



