«ԵՒՐՕ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած երկու ճակատումներն ալ աւարտեցան երկարաձգումէն ետք:
Սպանիա, որ իր յաղթանակը արձանագրեց Խրուաթիոյ դէմ, երկարաձգումէն ետք` 5-3 արդիւնքով, յաջողեցաւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Նշենք, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 3-3 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին հինգ տարբեր խաղացողներ:
Քառորդ աւարտականին Սպանիա իր դէմ պիտի ունենայ Զուիցերիան:
Ֆրանսա-Զուիցերիա մրցումը եւս աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք` 3-3 արդիւնքով:
Սակայն նկատի ունենալով, որ մրցումին յաղթականը չպարզուեցաւ, դիմուեցաւ փենալթիներու:
Զուիցերիա արձանագրելով 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը, հասաւ քառորդ աւարտականին:
Նշենք, որ Ֆրանսայի վերջին փենալթին կոլի չկրցաւ վերածել Քիլիան Էնպափէ:
Ֆրանսայի առաջին երկու կոլերը նշանակեց Քարիմ Պենզեմա (57-րդ եւ 59-րդ), իսկ երրորդը` Փոլ Փոկպա (75-րդ):
Այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն առաջինին, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատումի մը ընթացքին, «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ Անգլիա կը մրցի Գերմանիոյ դէմ:
Իսկ երկրորդ մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 22:00-ին, Շուէտ կը մրցի Ուքրանիոյ դէմ: