Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի պաշտօնակատար Վահրամ Թումանեան եւ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան ընդունեցին Հայաստանի թենիսի հաւաքականը, որ յաղթանակ արձանագրած էր 2021-ի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի Դ. դասակարգի մրցումներուն եւ յառաջիկայ տարեշրջանին գծով ապահոված Գ. դասակարգի իր տոմսը:
Հայրենի կազմը իր յաղթանակներէն մէկը արձանագրած էր Ազրպէյճանի դէմ:
Թումանեան շնորհաւորելով հաւաքականի անդամները իրենց կատարած այս իրագործումին համար, անոնց մաղթեց նորանոր նուաճումներ` յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն գծով, աւելցնելով, որ նախարարութիւնը միշտ նեցուկ պիտի կանգնի հաւաքականին: