Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիին մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Ֆերնանտինիօ մէկ տարիով երկարաձգեց իր գործող պայմանագրութիւնը, այս մասին յայտնեց մանչեսթըրեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ակումբը նշեց, որ 36 տարեկան պրազիլցի ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022-ի ամառը:
2013-ին ան Շախտիոր Տոնեցքէն միացաւ անգլիական խումբին, որուն հետ կատարեց 350 մրցում եւ տիրացաւ 12 տիտղոսներու, որոնց կարգին` չորս անգամ Անգլիոյ ախոյեան:



