Եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցող «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի վերջին երկու ճակատումները կատարուեցան երէկ` երեքշաբթի, 29 յունիսին:
Առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ, Անգլիա յաղթեց Գերմանիոյ` անոր դէմ արձանագրելով 2-0 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Կերըթ Սաութկէյթի գլխաւորած կազմին երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Ռահիմ Սթերլինկ (75-րդ) եւ լոնտոնեան Թոթենհամի յառաջապահ Հերի Քէյն (86-րդ):
Նշենք, որ մրցումին լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի 28 տարեկան յետսապահ Հերի Մակուայըր, այս գծով յայտնեց «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Անգլիա իր դէմ պիտի ունենայ Ուքրանիան, որ երէկ ուշ գիշերին, երկարաձգումէն ետք, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շուէտի դէմ:
Ուքրանիա իր յաղթանակի կոլը նշանակեց 120+1-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ այսօր եւ վաղը որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:




