Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան (2781) երէկ ապահովեց արագ ճատրակի «Կոլտմանի Ասիըն Ռափիտ» առցանց մրցաշարքի կիսաւարտականի իր տոմսը:
Քառորդ աւարտականի թայ պրէյքի մրցումին հայրենի կրանտմասթըրը 1,5-0,5 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ հնդիկ Արժուն Էրիկայսիի (2567) վրայ:
Անոնց միջեւ երկրորդ օրուան ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ` առաջին օրուան նման:
Կիսաւարտականին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ իր կարգին իր յաղթանակը արձանագրեց թայ պրէյքով, ամերիկացի Ուեսլի Սոյի դէմ, նոյն արդիւնքով: