Սպանացի Ռաֆայէլ Պենիթես նշանակուեցաւ Էվըրթընի գլխաւոր մարզիչ` անոր հետ ստորագրելով երեք տարուան համաձայնագիր մը, այս մասին յայտնեց լիվըրփուլեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
61 տարեկան մասնագէտը իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 5 յուլիսին:
Ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը մնացած էր թափուր իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի հեռանալէն ետք: Վերջինս վերադարձաւ Ռէալ Մատրիտ:
Անցեալին Պենիթես գլխաւորած է շարք մը ակումբներ, որոնց կարգին` Վալենսիա, Լիվըրփուլ, Ինթեր Միլան, Չելսի, Նափոլի, Ռէալ Մատրիտ, Նիւքասըլ եւ այլ կազմեր: