Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէին, որ քանի մը օրէ ի վեր սուր քննադատութիւններու կ՛ենթարկուի:
Ինչպէս ծանօթ է, երիտասարդ յառաջապահը Զուիցերիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Եւրօ-2020») վճռորոշ պահուն չկրցաւ փենալթին կոլի վերածել: Այդ պատճառով ալ անոր կազմը դուրս մնաց մրցաշարքէն` կրելով 5-4 արդիւնքով (փենալթիներով) պարտութիւն մը:
Նշենք, որ այդ պարտութեան յաջորդ օրը Էմպափէ ֆրանսացիներէն ներողութիւն խնդրեց:
Թէեւ 22 տարեկան ֆութպոլիստը իր կազմին կատարած չորս մրցումներուն դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ, սակայն այս մրցաշարքին ընթացքին ան չյաջողեցաւ կոլ նշանակել: