Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Ֆրանք Տը Պէօր, երէկ ներկայացուց իր հրաժարականը, այս մասին յայտնեց Նետերլանտներու ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հակառակ անոր որ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումներուն անոր կազմը իր կատարած երեք մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց, սակայն 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն Նետերլանտներ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Չեխիայէն, դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Նշենք, որ 51 տարեկան Տը Պէօր իր պաշտօնը ստանձնեց 2020-ին` փոխարինելով Ռոնալտ Քէօմանը:



