Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի 14 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տղոց 26 եւ աղջկանց 11 խումբեր:
Առաջինին պարագային անոնք բաժնուած են վեց խմբակի, մինչ աղջկանց պարագային` երեք խմբակի:
Մրցումները տեղի կ՛ունենան «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին, Միշել Սլէյմանի անուան մարզադաշտին եւ Թաատոտի դաշտին վրայ:
Ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄ Թրիփոլի, որ առաջին մրցումին յաղթեց Ռիատիի (20-0), մինչ երկրորդին պարտուեցաւ Շիահ Ռիատիէն (72-34):