Ղազախական Քայրաթի գլխաւոր մարզիչ Քիրիլ Քեքեր, որուն կազմը «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն դուրս մնաց` պարտուելէ ետք Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտէն, երէկ պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը, յայտնապէս չկարենալով մարսել այդ պարտութիւնը:
42 տարեկան խըրխըզ ֆութպոլի մասնագէտը շնորհակալութիւն յայտնեց իր ակումբին ղեկավարութեան` իրեն վստահուած այս պարտականութեան համար, միեւնոյն ժամանակ ալ յոյս յայտնելով, որ ակումբը իր յաջող ելոյթները կը շարունակէ յառաջիկային իր կատարելիք մրցումներուն ընթացքին:
Ալաշկերտ, որ այսպիսով յաջողեցաւ աւարտել փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը, այժմ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէյնճըրզը:
Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 19 օգոստոսին` Կլասքոյի մէջ, իսկ դարձի մրցումը 26 օգոստոսին` Երեւանի մէջ:



