Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական հրաւիրուած ֆութպոլիստներուն շարքին կան նոր անուններ:
Հայկական մարզական լրատու աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ ռուսական Խիմքի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի ազգային խումբ հրաւիրուած է յառաջապահ Դաւիթ Դաւիթեան, որ նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտէն տեղափոխուած էր վերոնշեալ ակումբ:
Նշենք, որ Դաւիթեան նախապէս եւս հրաւիրուած էր ազգային խումբ` հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ սպանացի Խոաքին Քափարոսի կողմէ, սակայն վնասուածքի պատճառով չէր կրցած միանալ խումբին:
Յառաջիկայ ամսուան առաջին ութ օրերուն Հայաստան ունի բաւական խճողուած յայտագիր մը` նկատի ունենալով, որ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի կատարէ զտումի երեք մրցում, յաջորդաբար` Մակեդոնիոյ (2 սեպտեմբեր), Գերմանիոյ (5 սեպտեմբեր) եւ Լիխթնշթայնի (8 սեպտեմբեր) դէմ: