Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ մահացաւ ակումբի անուանի նախկին ֆութպոլիստ, «Պունտըսլիկա»-ի լաւագոյն ռմբաձիգ, աշխարհի եւ Եւրոպայի նախկին ախոյեան, գերմանացի Կերթ Միւլըր:
Անուանի նախկին ֆութպոլիստը 75 տարեկան էր:
Պայէրնի հետ չորս անգամ երկրի ախոյեան հանդիսացած, ինչպէս նաեւ այլ տիտղոսներու տիրացած Միւլըր «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն նշանակած է 365 կոլ:
Նշուեցաւ, որ Միւլըր 2015-էն ի վեր կը տառապէր Այզհայմըր հիւանդութենէն եւ կը գտնուէր ծերանոցի մէջ: