Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի ախոյեանութեան «Չելընճ» մրցաշարքի Ե. խմբակի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի 16 տարեկանէն վար աղջկանց հաւաքականը, որ մրցեցաւ Մալթայի դէմ, արձանագրեց կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 51-50 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայրենի կազմէն Անի Մկրտչեան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (17 կէտ եւ 11 ռիպաունտ):
Այս խմբակին մէջ Հայաստան, որ նաեւ մրցեցաւ Ալպանիոյ, Վրաստանի եւ Մակեդոնիոյ դէմ, արձանագրելով 2 յաղթանակ եւ կրելով 2 պարտութիւն, 4 կէտով գրաւեց երրորդ դիրքը: