Ռուսական Տինամօ Մոսկուայի յառաջապահ Արսէն Զախարեան, Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Վալերի Քարփինի կողմէ հրաւիրուեցաւ ազգային խումբ:
«Շատ ուրախ եմ, որ այս հրաւէրը ստացայ: Ամէն կարելիս պիտի ընեմ փաստելու համար, որ ի զուր տեղը չհրաւիրուեցայ հաւաքական:
«Սակայն միեւնոյն ժամանակ կու գամ ըսելու, որ ներկայ փուլին, կ՛ուզեմ կեդրոնանալ ակումբիս կատարելիք մրցումներուն վրայ», ըսաւ Զախարեան:
18 տարեկան ֆութպոլիստին առաջին ակումբը եղած է ռուսական Սամարա քաղաքի Քրիլիա Սովեթով ակումբը:
Ան Տինամօ տեղափոխուեցաւ 2017-ին: