Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի խումբը, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց 12 անգամ Մարոքի ախոյեան հանդիսացած Ռախա Քազապլանքան, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 48-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը:
Մխիթարեան, որ մրցումին 71-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ, այսպիսով նշանակեց իր առաջին կոլը Ժոզէ Մուրինիոյի խումբին մարզիչի պաշտօնը ստանձնելէն ետք:
Նշենք, որ այս մրցումը Ա. Էս. Ռոմայի համար եղաւ ֆութպոլի բարեկամական վերջին մրցումը, նախքան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2021-2022 տարեշրջանին սկսիլը:
22 օգոստոսին, Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա պիտի հիւրընկալէ Ֆիորենթինան: