Խառն մենամարտերու «Պելլաթոր»-ի մրցումներուն միջին քաշային կարգի ախոյեան Գեղարդ Մուսասի նախորդ շաբաթավերջին պաշտպանեց իր տիտղոսը:
Միացեալ Նահանգներու Անքասվիլ քաղաքի «Մոհեկան Սան» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցած «Պելլաթոր-264» մրցաշարքի գլխաւոր մենամարտին, հայ մարտիկը, որ մրցեցաւ 36 տարեկան ամերիկացի Ճոն Սոլթըրի դէմ, երրորդ ռաունտին արձանագրեց իր յաղթանակը` թեքնիք նաք աութով:
Նշուեցաւ, որ ամբողջ մենամարտին ընթացքին Մուսասի նկատելի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր մրցակիցին վրայ:
Ան այսպիսով խառն մենամարտերուն ընթացքին արձանագրեց իր 48-րդ յաղթանակը:
Ան նաեւ արձանագրած է երկու հաւասարութիւն եւ կրած եօթը պարտութիւն:
36 տարեկան Մուսասի իր նախորդ մենամարտը կատարեց 29 հոկտեմբեր 2020-ին, երբ կէտերով յաղթեց պրազիլցի Տուկլաս Լիմային: