Հայաստանը ներկայացնող Թինա Կարապետեան-Սիմոն Պրուքս Սենեկալ զոյգը գրաւեց երկրորդ դիրքը, Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող գեղասահքի միջազգային մրցաշարքին:
Ռիթմիք պարի ելոյթէն ետք, անոնք 68,80 կէտ ապահովելով, յառաջատարն էին: Սակայն ազատ ծրագիրէն ետք անոնք գրաւեցին երկրորդ դիրքը:
Երկու պարի ելոյթները նկատի առնելով` աւարտին անոնք հանդիսացան երկրորդ, ապահովելով ընդամէնը 170,99 կէտ:
Մրցաշարքին տիտղոսակիրը դարձաւ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Քարոլին Կրին-Մայքըլ Փարսընս զոյգը, որ ապահովեց 174,98 կէտ: