4-11 սեպտեմբերին ռուսական Քազան քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան (ԱՊՀ) երկիրներու առաջին խաղերը:
Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն, Մոլտովայէն, Ղազախստանէն, Խըրխըզիստանէն, Տաճիկիստանէն, Ազրպէյճանէն, Թուրքմենիստանէն եւ Ուզպեքիստանէն շուրջ 1500 մարզիկներ պիտի պայքարին 16 մարզաձեւերու մէջ` տիրանալու համար 184 մետալի:
Նշուեցաւ, որ մարզիկներուն տարիքը պէտք չէ գերազանցէ 23-ը:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս խաղերուն Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 54 մարզիկով:
Կը նախատեսուի, որ այս խաղերուն ներկայ գտնուին նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Թումանեան եւ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան: