Մոլտովական Չորեսքու գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի աղջկանց ֆութսալի ախոյեանութեան նախնական հանգրուանի, Հայաստան-Մոլտովա մրցումը:
Զոհրապ Նիազեանի գլխաւորած կազմը 8-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Օլկա Օսիփեան եւ Անի Ղուկասեան տուպլէ իրագործեցին, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Քրիստինէ Մանկասարեան եւ Հեղինէ Չոփիկեան: Մնացեալ երկու կոլերը նշանակեցին մրցակից կազմին մարզիկները` սխալմամբ իրենց բերդին մէջ:
Իր կատարած երկրորդ մրցումին, հայրենի կազմը, որ մրցեցաւ Նետերլանտներուն դէմ, անկէ կրեց 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Բ. խմբակին մէջ Հայաստանի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ Պոսնիա: