Քաթալոնական Սիտկես քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի աղջկանց խմբային ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, յաջողեցաւ ունենալ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանսայի:
Սակայն իր կատարած երկրորդ մրցումին, հայրենի կազմը 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ազրպէյճանի հետ:
Ինչ կը վերաբերի Գ. հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստան կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը Հնդկաստանէն, 2,5-1,5 արդիւնքով:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին չորս դիրքերը գրաւած խումբերը կ՛ապահովեն յաջորդ հանգրուանին իրենց տոմսերը:
Հաւաքականին մարզիչն է Զաւէն Անդրէասեան, իսկ ճատրակ խաղացողները` Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան: