Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 2022-ի Պէյճինկի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան առանց օտար հանդիսատեսներու:
4-20 փետրուար 2022-ին տեղի ունենալիք այս խաղերուն տոմսերը տրամադրելի պիտի ըլլան միայն Չինաստանի բնակիչներուն:
Առանց մեկուսանալու, Պէյճինկ կրնան մուտք գործել «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ ստացած մարզիկները, պատուիրակութեան անդամներն ու լրագրողները:
Իսկ պատուաստ չստացած մասնակիցները ստիպուած պիտի ըլլան Չինաստանի մէջ մեկուսանալու 21 օր: