Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 29 սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Եուվենթուս կը հիւրընկալէ Չելսին, Ը. խմբակին մէջ:
Նշենք, որ երկու խումբերն ալ իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակներ արձանագրեցին:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հետաքրքրական կը խոստանայ ըլլալ նաեւ նոյն ժամուն տեղի ունենալիք Մանչեսթըր Եունայթըտ-Վիարէալ հանդիպումը: