Սպանացի պասքեթպոլիստ Փաու Կազոլ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ որոշած է աւարտել պասքեթպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
41 տարեկան Կազոլ 5 հոկտեմբերին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ պասքեթպոլի աշխարհէն իր հեռացման մասին:
Կազոլ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ 1998-ին, 1999-2001 տարեշրջանին Պարսելոնային մաս կազմելէ ետք տեղափոխուեցաւ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»:
Ան ամերիկեան խումբերուն հետ տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, իսկ Սպանիոյ ազգային խումբին հետ դարձած է ողիմպիականի կրկնակի փոխախոյեան, Եւրոպայի եռակի ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեան: