Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի աղջկանց ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Սպանիոյ դէմ` 3,5-0,5 արդիւնքով:
Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Էլինա Դանիէլեան` հաւասարութիւն մը:
Ինչ կը վերաբերի 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, հայրենի կազմը, որ մրցեցաւ Ռուսիոյ դէմ, անկէ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այսպիսով, Ա. խմբակէն քառորդ աւարտականին իրենց տոմսերը ապահովեցին Ռուսիա (խմբային 10 կէտ), Հնդկաստան (7), Հայաստան (5) եւ Ազրպէյճան (4):
Իսկ Բ. խմբակէն, իրենց պայքարը կը շարունակեն Վրաստան (8), Ուքրանիա (7), Ղազախստան (7) եւ ՖԻՏԷ-Ամերիկա (3):
Նշենք, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն, այսօր` հինգշաբթի, 30 սեպտեմբերին, Զաւէն Անդրէասեանի գլխաւորած կազմը պիտի մրցի Ուքրանիոյ դէմ:
Այս ախոյեանութիւնը, որ սկսաւ նախորդ 27 սեպտեմբերին, իր աւարտին կը հասնի 3 հոկտեմբերին: