«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի Եւրոպայի աղջկանց 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Բ. խմբակի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Խրուաթիոյ Սեսվեթէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ղազախստան մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ Ղազախստանի յաղթանակով. ան արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը` 2-1 արդիւնքով` իր յաղթանակի կոլը նշանակելով մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ):
Հայրենի կազմին հաւասարութեան կոլը նշանակեց Յասմիկ Գրիգորեան (55-րդ):