Սլովաքիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ժիլինա, որ մրցեցաւ Փովազսքա Պիսթրիքայի դէմ, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին հաշիւը բացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ժիլինայի 22 տարեկան միջնապահ Վահան Բիչախչեան, 29-րդ վայրկեանին:
1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ժիլինայի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռուզեմպերոք, որ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քիսուքէ Նովէ Մեսթոյի դէմ: