Ֆութսալի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը իր երկրորդ մրցումը կատարեց Մոլտովայի դէմ եւ արձանագրեց 5-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Ռաֆիկ Մելիքեան, Համլեթ Մանուկեան, Արթուր Պատատեան, Ժոաօ Կիլերմէ Քարվալօ եւ Լէոնիտ Փոտլեսնով (սխալմամբ իր բերդին մէջ):
Նշենք, որ հաւաքականին մարզիչն է` Ռուբէն Նազարէթեան:
Արձանագրուած այս յաղթանակէն ետք, Հայաստանի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստները իրենց այս յաղթանակը նուիրեցին արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհուածներուն յիշատակին: