Ֆինլանտական Ռովանիեմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 23 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան 81 քկ դասակարգի մրցումներուն, երէկ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռաֆիկ Յարութիւնեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան` երկամարտի մրցումներուն 345 քկ (155+190) բարձրացնելու համար:
Պէտք է ըսել, որ 21 տարեկան Յարութիւնեան ձեռք ձգեց բացառիկ արդիւնք մը` շրջանցելով իր բոլոր մրցակիցները:
Նշենք, որ ան 2019-ին Պաթումի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան, արձանագրելով 194 քկ արդիւնք մը (ուղղակի բարձրացնելու մրցումներուն), սահմանած էր երիտասարդներու մրցանիշ մը:
Յարութիւնեանէն առաջ, Հայաստանի համար ոսկիէ մետալներ ապահոված էին Գառնիկ Չոլակեան (55 քկ) եւ Գոռ Սահակեան (67 քկ), մինչ Միլենա Խաչատրեան (76 քկ) տիրացած էր պրոնզ մետալի: