Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, երէկ գիշեր իր կատարած երկրորդ մրցումին եւս յաղթանակ արձանագրեց, այս անգամ ուքրանական Զորիայի դէմ, 3-0 արդիւնքով:
Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը կ՛իյնայ Գ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան հռոմեան կազմին հետ այս մրցումին իր մասնակցութիւնը չբերաւ: