Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, այսօր` հինգշաբթի, 30 սեպտեմբերին կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը` խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումներուն ծիրին մէջ:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին եւ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուեցաւ Մաքապի Թել Աւիւէն (Իսրայէլ), այսօր իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ֆինլանտան ներկայացնող «ԷՅՉ. ՃԷՅ. ՔԷՅ.»-ը:
Անոնց միջեւ կատարուելիք այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ 31 տարեկան ռումանացի Հարաթիու Ֆեսնիչ:
Կ՛ակնկալուի, որ այսօր Ալաշկերտ առաւելագոյն երեք կէտը խլէ իր մրցակիցէն: