Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պարսելոնան, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ֆրանսացի Թոմաս Լեմար նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (22-րդ), մինչ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Լուիս Սուարեզ` մատրիտեան կազմին երկրորդ կոլը (44-րդ):
Նշենք, որ այսպիսով Պարսելոնա կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` ախոյեանութեան գծով:
Տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը կրեց նաեւ Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնայի մէջ` Էսփանիոլէն, 2-1 արդիւնքով:
Սպանացիներ Ռաուլ Տէ Թոմաս (17-րդ) եւ Ալեքս Վիտալ (60-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը, իսկ ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա` Ռէալի ուշացած կոլը (71-րդ):
Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Ռէալ, որ ցարդ ապահոված է 17 կէտ, կը մնայ առաջին դիրքին վրայ` իր ունեցած կոլ էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Աթլեթիքօ Մատրիտը: