Յաջորդական ութ յաղթանակներէ ետք, երէկ` կիրակի, 3 հոկտեմբերին Փարիզ Սեն Ժերմեն կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երբ 2-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Ռեննի դաշտէն:
Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց 45-րդ եւ 46-րդ վայրկեաններուն:
Նշենք, որ արժանթինցի մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմէն` Սեն Ժերմենէն իբրեւ հիմնական մարզիկ ներկայացած էին Լիոնել Մեսսի, Նէյմար եւ Քիլիան Էմպափէ:
Այժմ իր տրամադրութեան տակ ունենալով 24 կէտ, մայրաքաղաքի կազմը կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը` 6 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Լանսի վրայ: