Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Էմփոլին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ հռոմեան կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր եւ մրցումին վերջին վայրկեաններուն փոխարինուեցաւ, ունեցաւ բաւական լաւ ելոյթ մը:
Հայրենի ֆութպոլիստը, որ կատարեց առաջին կոլին էսիսթը (42-րդ վայրկեանին), Բ. կիսախաղի 48-րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթական կազմին երկրորդ կոլը:
Այժմ Ա. Էս. Ռոմա 15 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը: