Հայաստան Իր Ելոյթները Աւարտեց`
Գրաւելով Դասաւորման Պարագլուխի Դիրքը
Ֆինլանտայի Ռովանիեմի քաղաքին մէջ երէկ` կիրակի, 3 հոկտեմբերին աւարտած Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Լալայեան 109 քկ դասակարգին մէջ ունեցաւ բացառիկ ելոյթ:
Եւրոպայի մեծերու ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիրը հանդիսացաւ 23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան ախոյեան` բարձրացնելով 447 քկ (206+241) եւ հաստատելով նոր մրցանիշ մը:
Հայաստան յաջողեցաւ նաեւ ոսկի մետալի տիրանալ 109 քկ դասակարգին մէջ, երբ Արսէն Մարտիրոսեան բարձրացուց 383 քկ (176+207):
Այսպիսով, տիրանալով 9 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներու, Հայաստան աւարտեց իր ելոյթները` 20 եւ 23 տարեկաններէն վար ախոյեանութեան գրաւելով մետալներու դասաւորման պարագլուխի դիրքը: