Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի ներկայացուցիչ եւ մրցաշարքի գործող ախոյեան` Պէյրութ երէկ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով 12 կէտի տարբերութեամբ` 73-61 արդիւնքով պարտութեան մատնեց քաթարեան Ղարրաֆան:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 18-15, 16-16, 20-19 եւ 19-11:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, լիբանանեան կազմը բաւական կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի քառորդ աւարտական հանգրուան:
Այսօր` շաբաթ, 2 հոկտեմբերը, մրցաշարքին մասնակցող բոլոր խումբերուն համար հանգիստի օր է:
Վաղը` կիրակի, 3 հոկտեմբերին, ժամը 14:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Պէյրութի մրցակիցը պիտի ըլլայ Մանաման (Պահրէյն):