«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կազմակերպութեամբ կատարուող «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Ա. խմբակին մաս կազմող Ալաշկերտ Երեւան, որ երէկ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը, այս անգամ ֆինլանտական «ԷՅՉ. ՃԷՅ. ՔԷՅ.»-էն` 4-2 արդիւնքով:
Մինչեւ Ալաշկերտի խմբապետ Արտակ Գրիգորեանի կարմիր քարտ (36-րդ) ստանալը, արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
Սակայն մարզիկի մը առաւելութիւնը ունենալով, հիւր կազմը յաջողեցաւ յաւելեալ կոլեր նշանակելով յաղթանակ արձանագրել Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
Հայրենի կազմը իր յաջորդ մրցումը դարձեալ կը կատարէ Երեւանի մէջ, երբ 21 հոկտեմբերին կը հիւրընկալէ աւստրիական ԼԱՍՔ-ին: