Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ կազմակերպութեան նախագահ Ռոժերիօ Քապոքլօ 21 ամիսով հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն` սեռային ոտնձգութիւններու մեղադրանքներու պատճառով:
Այս որոշումը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գլխաւոր համագումարին ընթացքին, որուն մաս կը կազմեն նահանգներու ֆետերասիոններու 27 ղեկավարները:
48 տարեկան Քապոքլօ մինչեւ մարտ 2023 չի կրնար պաշտօնավարել:
Ապրիլ 2023-ին անոր պիտի փոխարինէ Էտնալտօ Ռոտրիկեզ, որ այժմ նշանակուած է նախագահի պաշտօնակատար:
Նշենք, որ «ԷՅ. ՓԻ.» լրատու գործակալութեան համաձայն, սեռային ոտնձգութիւններու մեղադրանք ներկայացուցած էին ֆետերասիոնի աշխատակազմի անդամ երեք կին աշխատակիցներ:



