Իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ն եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերէն պիտի հեռացնէ թուրք իրաւարար` Ճիւնէյթ Չաքըրը` նկատի ունենալով, որ ան Ա. Սէ. Միլան-Աթլեթիքօ Մատրիտ մրցումին («Չեմփիընզ Լիկ») կատարած էր անթոյլատրելի եւ բաւական կոպիտ սխալներ:
Իտալական կազմի գլխաւոր մարզիչ Սթեֆանօ Փիոլի վերոնշեալ մրցումին անդրադառնալով խստօրէն քննադատած էր Չաքըրը` ըսելով, որ անոր մէկ սխալ սուլիչին պատճառով իր մէկ մարզիկը ստացած էր կարմիր քարտ մը, եւ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+7-րդ) սպանական կազմը նշանակած էր իր յաղթանակի կոլը (2-1)` փենալթիով: