Լիբանանը ներկայացնող Պէյրութ ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան, երէկ կատարելով իր առաջին մրցումը, յաղթանակ մը արձանագրեց Պաթայեհ Ռիատիի դէմ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` 88-69 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 14-19, 22-15, 29-18 եւ 23-17:
Մարզիչ Ահմետ Ֆարրանի գլխաւորած կազմը` Պէյրութ, որ մրցաշարքին գործող ախոյեանն է, ունեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը:
Այսօր` ուրբաթ, Պէյրութ կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, քաթարեան Ղարրաֆիի դէմ, ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):