Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷի կողմէ երէկ հրապարակուած միջազգային դասաւորման մէջ մնաց նոյն դիրքին վրայ, ուր որ էր նախորդ ամիս` 5-րդ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի գործող ախոյեան Մակնուս Քարլսըն:
Նշենք, որ առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ:
Գաբրիէլ Սարգսեան կը գտնուի 68-րդ դիրքին վրայ, մինչ Հրանդ Մելքումեան կը գրաւէ 96-րդ դիրքը: