Քաթալոնական Սիթկես քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի աղջկանց խմբային ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի հաւաքականը չկրցաւ յաղթահարել Ուքրանիոյ արգելքը:
Քառորդ աւարտականի առաջին մրցումին, հայրենի կազմը թէեւ յաղթեց 3-1 արդիւնքով, սակայն երկրորդին պարտուեցաւ 3,5-0,5 արդիւնքով:
Տեղի ունեցած թայ-պրէյքի մրցումին, Հայաստան պարտութիւն մը կրելով 3-1 արդիւնքով, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Կիսաւարտականին Ուքրանիա կը մրցի Ռուսիոյ դէմ, մինչ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին Վրաստան կը մրցի Հնդկաստանի դէմ: