Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Պոլոնիային, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հիւրընկալ կազմը իր եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց 35-րդ վայրկեանին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր հռոմեան կազմին հետ, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Ա. Էս. Ռոմա մնաց 5-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 25 կէտ: