Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան այսուհետեւ պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները:
ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքին մէջ Լեւոն Արոնեան ներկայացուած է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ:
Լեւոն Արոնեան, որ ծնած է 6 հոկտեմբեր 1982-ին` Երեւանի մէջ, Հայաստանի համար ապահոված է բազմաթիւ տիտղոսներ, ըլլան անոնք անհատական թէ խմբային, հաւաքականին հետ:
Նշենք, որ երէկ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Արոնեան երկու դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը (2772):
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն առաջին հարիւրին մէջ են Գաբրիէլ Սարգսեան (54-րդ, 2681) եւ Հրանդ Մելքումեան (99-րդ, 2649):
Իսկ ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան կը գրաւէ 49-րդ դիրքը (2684):