Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նորընտիր նախագահ Գագիկ Սարգսեան լրագրողներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ամփոփեց հարիւր օրուան աշխատանքը եւ անդրադարձաւ 2021-2022 տարեշրջանին ընթացքին տեղի ունենալիք մրցաշարքերուն:
Ան նշեց, որ լուրջ նախագիծեր ունին Ջերմուկ քաղաքին մէջ այս մարզաձեւը առաւելագոյն ձեւով զարգացնելու:
«Դժբախտաբար, Ջերմուկը այսօր դարձած է սահմանամերձ գօտի, բայց եւ այնպէս, հոն պէտք է զարգացնել այս մարզաձեւը` օգտագործելով քաղաքին յարմարաւէտ պայմանները», նշեց ֆետերասիոնին նախագահը:
Կը նախատեսուի Ջերմուկի մէջ ունենալ դահոյկի ակումբ կամ խմբակ: